2017-02-04 11:16:00

''Ահաբեկչութիւնը կրօն չ՛ունի'' ըսաւ Ղպտի օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք` Թաուատրոս Բ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հրաւէր կ՛ուղղենք միջազգային հասարակութեան վճռակամ պայքարելու բռնութեան, ահաբեկչութեան, մարդասպանութեան ու կործանումի դէմ եւ ամէն տեսակ խտրականութեան դէմ, խաղաղութեան եւ զարգացումի հիմքերը կառուցելու համար''։ Այս եղաւ Ղպտի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարք Թաուատրոս Բ-ի կոչը ուղղուած աշխարհի պետական իշխանութիւններուն։ Կոչ մը որուն մէջ Պատրիարքը դարձեալ կը դատապարտէ ահաբեկչութիւնը հաստատելով թէ ''ահաբեկչութիւնը ոչ կրօն ոչ ազգութիւն ունի''։

Աշխարհը այսօր ծարաւն ունի սիրոյ։ Սէրը միակ լուծումն է որ կարող է երաշխաւորել խաղաղ ու անդորր համակեցութիւն մը ի սպաս աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատումին''։ Թաուատրոս Բ ապա կը հաստատէ թէ անգամ մը որ այս նպատակակէտը ձեռք բերուի ամէն մին կարող է ըլլալ երջանիկ եւ ունենալ աւելի բարենպաստ կեանք''։

Անդրադառնալով ապա քրիստոնեայ եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւններու մասին Թաուատրոս Բ ակնարկեց Ֆրանչիսկոս Պապին  ''արեան համամիութեան'' մեկնաբանութեան հաստատելով թէ ''Մարտիրոսներու արիւնը կեանքի ու եկեղեցւոյ վառելանիւթն է''։ Ղպտի Եկեղեցւոյ Պատրիարքը ապա մաղթանք յայտնած է որ ''Եկեղեցին ծառայէ բոլորին, յատկապէս աղքատներուն, կարիքաւորներուն, մեկուսացեալ մանուկներուն, ու բոլոր անոնց որոնք անտեսուած ու մոռցուած են''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.